< 提摩太前書 1 >
1 奉我們的救主天主,和作我們希望的基督耶穌的命,作基督耶穌宗徒的保祿,
Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի՝՝ հրամանով,
2 致書給在信德上作我真子的弟茂德。願恩寵、仁慈與平安,由天主父和我們的主基督耶穌賜與你!
Տիմոթէոսի՝ հաւատքով հարազատ զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն:
3 當我往馬其頓去的時候,曾請救你留在厄弗所,為的是要你訓令某些人,不要講異端道理,
Քեզի աղաչեցի որ Եփեսոս մնաս, երբ ես Մակեդոնիա կ՚երթայի, որպէսզի պատուիրես ոմանց՝ ուրիշ կերպով չսորվեցնել,
4 也不要探求無稽的傳說,以及無窮的祖譜,因為這些事只會激起爭辯,對於天主所立的那基於信德的救世計劃,都毫無益處。
ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով:
5 這訓令的目的就是愛,即由純潔的心,光明磊落的良心和真誠信仰所發出的愛;
Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ:
Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ.
7 願意充當法學士,卻不明白自己所主張的是什麼事。
կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն:
Սակայն գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է, եթէ մէկը գործածէ զայն օրինաւոր կերպով,
9 我們也知道法律不是為善人立的,而是為叛逆和不服從的,為不敬神和顣瀆聖的,為弒父母的,為殺人的,
սա՛ գիտնալով թէ Օրէնքը տրուած է ո՛չ թէ արդարներուն համար, հապա՝ անօրէններուն եւ ըմբոստներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, անսուրբերուն եւ սրբապիղծներուն, հայր զարնողներուն, մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն,
10 為犯奸淫的,為行男色的,另為拐賣人口的,為說謊言的,為發虛誓的,並為其它相反建全道理的事而立的;
պոռնկողներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, երդմնազանցներուն, եւ ուրիշ որեւէ բանի համար՝ որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան,
11 這道理是按著真福的天主所托給我的光榮福音而宣講的。
համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի:
12 我感謝那賜與我能力的我們的主基督耶穌,因為衪認為我忠信,就派定了我服役。
Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:
13 原先我是個褻瀆者、迫害者和施暴者;但是我蒙受了憐憫,因為我當時是在不信之中,出於無認識而做了那些事。
Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.
14 然而我們主的恩寵對我特別豐厚,使我在耶穌基督內有了信和愛。
եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:
15 這話是確實的,值得完全接納;就是基督耶穌到世界上來,是為拯救罪人;而我就是其中的魁首。
Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:
16 但是我所以蒙受了憐憫,是為使基督耶穌在我這個魁首身上,顯示衪的完全堅忍,為給將來信任衪而獲永生的人一個榜樣。 (aiōnios )
Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար: (aiōnios )
17 願尊榮和光榮歸於萬世的君王,那不死不滅,不可見的惟一天主,於無窮之世,阿們。 (aiōn )
Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: (aiōn )
18 我兒弟茂德,我根據以前指著你所說過的那些預言,把這訓令委詑給你,為叫你藉此打這埸好仗,
Սա՛ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որդեա՛կս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով մարտնչիս բարի մարտը,
19 保持信德和良心純潔;有些人竟擯棄了良心,而在信德上遭了船破之災,
պահելով հաւատքն ու բարի խղճմտանքը, որ ոմանք վանեցին իրենցմէ եւ հաւատքի վերաբերեալ նաւակոծութիւն կրեցին:
20 其中有依默納約和亞歷山大,我已把他們交給撒殫,為叫他們學習不再褻瀆。
Ասոնցմէ են Հիմենոս եւ Աղեքսանդրոս, որ մատնեցի Սատանային՝ որպէսզի վարժուին չհայհոյել: