< ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 22 >
1 «Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հայրե՛ր, լսեցէ՛ք հիմա իմ ջատագովականս՝ ուղղուած ձեզի»:
2 (Երբ լսեցին թէ եբրայական բարբառով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի հանդարտ կեցան: )
3 Եւ ան ըսաւ. «Ես հրեայ մարդ մըն եմ՝ ծնած Կիլիկիայի Տարսոնին մէջ, բայց մեծցած հոս՝ այս քաղաքին մէջ՝ Գամաղիէլի ոտքը, եւ ճշգրտապէս կրթուած մեր հայրերու Օրէնքին համաձայն: Նախանձախնդիր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք բոլորդ:
4 Այր մարդիկ ու կիներ կապելով եւ բանտերու մատնելով՝ այս ճամբան հալածեցի մինչեւ մահ,
5 ինչպէս քահանայապետն ալ կը վկայէ իմ մասիս, եւ ամբողջ երէցներու ժողովը. նաեւ անոնցմէ նամակներ ընդունելով՝ Դամասկոս կ՚երթայի, որպէսզի հոն եղածներն ալ կապուած բերեմ Երուսաղէմ՝ որ պատժուին»:
6 «Մինչ կ՚երթայի ու մօտեցայ Դամասկոսի, կէսօրուան ատենները յանկարծ երկինքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ շուրջս,
7 եւ գետին ինկայ ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»:
8 Ես ալ պատասխանեցի. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ, որ դուն կը հալածես»:
9 Անոնք որ ինծի հետ էին՝ արդարեւ տեսան լոյսը ու վախցան, սակայն չլսեցին ինծի խօսողին ձայնը:
10 Իսկ ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»: Տէրը ըսաւ ինծի. «Կանգնէ՛, գնա՛ Դամասկոս, ու հոն պիտի խօսուի քեզի այն բոլոր բաներուն մասին, որոնք որոշուած են քեզի համար՝ որպէսզի ընես»:
11 Քանի չէի տեսներ՝ այդ լոյսին փառաւորութեան պատճառով, ինծի հետ եղողներուն ձեռքէն բռնելով՝ մտայ Դամասկոս:
12 Անանիա անունով մարդ մը, Օրէնքին համեմատ բարեպաշտ, եւ բարի վկայուած Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն,
13 եկաւ ինծի ու կայնելով քովս՝ ըսաւ ինծի. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վերստացի՛ր տեսողութիւնդ»:
14 Նոյն ժամուն վերստացայ տեսողութիւնս եւ նայեցայ իրեն. ինք ալ ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը նախապէս սահմանեց քեզ որ գիտնաս իր կամքը, տեսնես այն Արդարը եւ լսես անոր ձայնը՝ իր բերանէն.
15 քանի որ բոլոր մարդոց առջեւ պիտի ըլլաս իր վկան այն բաներուն մասին՝ որ տեսար ու լսեցիր:
16 Եւ հիմա ա՛լ ինչո՞ւ կը յամենաս. կանգնէ՛, մկրտուէ՛ ու լուա՛ մեղքերդ՝ կանչելով իր անունը»:
17 Երբ վերադարձայ Երուսաղէմ, մինչ կ՚աղօթէի տաճարին մէջ՝ վերացում ունեցայ
18 ու տեսայ զինք՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Աճապարէ՛, շուտո՛վ դուրս ելիր Երուսաղէմէն, որովհետեւ պիտի չընդունին քու վկայութիւնդ՝ իմ մասիս»:
19 Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն թէ ե՛ս էի՝ որ կը բանտարկէի քեզի հաւատացողները եւ կը ծեծէի ժողովարաններուն մէջ.
20 երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի, կամակից ըլլալով անոր սպաննուելուն՝՝, ու ե՛ս կը պահէի զայն սպաննողներուն հանդերձները»:
21 Բայց ըսաւ ինծի. «Գնա՛, որովհետեւ ես պիտի ղրկեմ քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն»:
22 Անոնք մտիկ ըրին իրեն մինչեւ այս խօսքը, յետոյ բարձրացուցին իրենց ձայները եւ ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդպիսի մարդ մը, քանի որ չի պատշաճիր անոր ապրիլ»:
23 Մինչ կը պոռային, իրենց հանդերձները կը նետէին ու փոշի կը ցանէին օդին մէջ,
24 հազարապետը հրամայեց որ բերդը մտցնեն զայն, եւ ըսաւ որ խարազանելով հարցաքննեն զայն, որպէսզի գիտնայ թէ ինչո՛ւ ա՛յդպէս կը գոչէին անոր դէմ:
25 Երբ կապեցին զինք փոկերով, Պօղոս ըսաւ վերակացու հարիւրապետին. «Արտօնուա՞ծ է ձեզի՝ խարազանել մարդ մը, որ Հռոմայեցի է ու դատապարտուած ալ չէ»:
26 Երբ հարիւրապետը լսեց ասիկա, մօտեցաւ ու պատմեց հազարապետին՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ընես, որովհետեւ այս մարդը Հռոմայեցի է»:
27 Ուստի հազարապետը գնաց անոր քով եւ ըսաւ. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռոմայեցի՞ ես»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»:
28 Հազարապետը պատասխանեց. «Ես մեծ գումարով տիրացայ այս քաղաքացիութեան»: Պօղոս ըսաւ. «Իսկ ես ծնունդո՛վ եմ»:
29 Ուստի անոնք որ պիտի հարցաքննէին զինք՝ իսկոյն հեռացան իրմէ. հազարապետն ալ վախցաւ՝ երբ գիտցաւ թէ Հռոմայեցի է, որովհետեւ կապած էր զայն:
30 Հետեւեալ օրը, ուզելով գիտնալ ստոյգը՝ թէ ինչո՛ւ ան ամբաստանուած էր Հրեաներէն, արձակեց զայն եւ հրամայեց որ քահանայապետներն ու ամբողջ ատեանը գան. եւ իջեցնելով Պօղոսը՝ ներկայացուց անոնց: