< ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4 >
1 Ուստի, քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար.
2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:
3 Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած է, կորսուածներո՛ւն համար ծածկուած է.
4 որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ: (aiōn )
5 Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.
6 որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:
7 Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ:
8 Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատած չենք.
9 հալածուած ենք, բայց լքուած չենք. խորտակուած ենք, բայց կորսուած չենք:
10 Ամէն ատեն Յիսուսի մահը կը կրենք մեր մարմինին մէջ, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մարմինին մէջ:
11 Որովհետեւ մենք որ կ՚ապրինք՝ ամէն ատեն Յիսուսի համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ:
12 Ուստի՝ մահը կը ներգործէ մե՛ր մէջ, իսկ կեանքը՝ ձե՛ր մէջ:
13 Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, ուստի խօսեցայ»: Մե՛նք ալ կը հաւատանք, ուստի կը խօսինք:
14 Գիտենք թէ ա՛ն՝ որ յարուցանեց Տէր Յիսուսը, մե՛զ ալ պիտի յարուցանէ Յիսուսի միջոցով, եւ անոր պիտի ներկայացնէ՝ ձեզի հետ:
15 Որովհետեւ ամէն բան ձեզի համար է, որպէսզի այն շնորհքը՝ աւելցած շատերու շնորհակալութեամբ՝ ճոխանայ Աստուծոյ փառքին համար:
16 Հետեւաբար չենք ձանձրանար. եւ թէպէտ մեր արտաքին մարդը կ՚ապականի, ներքին մարդը օրէ օր կը նորոգուի:
17 Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը. (aiōnios )
18 քանի որ մենք կը նայինք ո՛չ թէ տեսանելի բաներուն, հապա՝ անտեսանելիներուն. որովհետեւ տեսանելի բաները ժամանակաւոր են, իսկ անտեսանելիները՝ յաւիտենական: (aiōnios )