< Vahiy 13 >

1 Denizin kıyısında dikilip durdu. Sonra on boynuzlu, yedi başlı bir canavarın denizden çıktığını gördüm. Boynuzlarının üzerinde on taç vardı, başlarının üzerinde küfür niteliğinde adlar yazılıydı.
Տեսայ թէ գազան մը կը բարձրանար ծովէն. ան ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: Անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ կար, եւ անոր գլուխներուն վրայ՝ հայհոյութեան անուններ:
2 Gördüğüm canavar parsa benziyordu. Ayakları ayı ayağı, ağzı aslan ağzı gibiydi. Ejderha canavara kendi gücü ve tahtıyla birlikte büyük yetki verdi.
Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:
3 Canavarın başlarından biri ölümcül bir yara almışa benziyordu. Ne var ki, bu ölümcül yara iyileşmişti. Bütün dünya şaşkınlık içinde canavarın ardından gitti.
Անոր գլուխներէն մէկը մորթուածի պէս էր. բայց անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը սքանչանալով գազանին հետեւեցաւ՝՝:
4 İnsanlar canavara yetki veren ejderhaya taptılar. “Canavar gibisi var mı? Onunla kim savaşabilir?” diyerek canavara da taptılar.
Անոնք երկրպագեցին վիշապին՝ որ իշխանութիւն տուաւ գազանին, ու երկրպագեցին գազանին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է գազանին. ո՞վ կրնայ պատերազմիլ անոր հետ»:
5 Canavara, kurumlu sözler söyleyen, küfürler savuran bir ağız ve kırk iki ay süreyle kullanabileceği bir yetki verildi.
Անոր տրուեցաւ բերան մը՝ մեծ բաներ եւ հայհոյութիւններ խօսող, ու իշխանութիւն տրուեցաւ անոր՝ ընելու իր կամքը քառասուներկու ամիս:
6 Tanrı'ya küfretmek, O'nun adına ve konutuna, yani gökte yaşayanlara küfretmek için ağzını açtı.
Հայհոյութեամբ բացաւ իր բերանը Աստուծոյ դէմ, եւ հայհոյեց անոր անունին, խորանին ու երկինքը բնակողներուն դէմ:
7 Kutsallarla savaşıp onları yenmesine izin verildi. Canavar her oymak, her halk, her dil, her ulus üzerinde yetkili kılındı.
Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:
8 Yeryüzünde yaşayan ve dünya kurulalı beri boğazlanmış Kuzu'nun yaşam kitabına adı yazılmamış olan herkes ona tapacak.
Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:
9 Kulağı olan işitsin!
Ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ:
10 Tutsak düşecek olan Tutsak düşecek. Kılıçla öldürülecek olan Kılıçla öldürülecek. Bu, kutsalların sabrını ve imanını gerektirir.
Ա՛ն որ գերեվարէ, ի՛նք գերի պիտի տարուի. ա՛ն որ սուրով սպաննէ, պէտք է որ սուրո՛վ սպաննուի: Հո՛ս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը:
11 Bundan sonra başka bir canavar gördüm. Yerden çıkan bu canavarın kuzu gibi iki boynuzu vardı, ama ejderha gibi ses çıkarıyordu.
Տեսայ նաեւ ուրիշ գազան մը, որ կը բարձրանար երկրէն. ունէր երկու եղջիւր՝ գառնուկի նման, եւ կը խօսէր վիշապի պէս:
12 İlk canavarın bütün yetkisini onun adına kullanıyor, yeryüzünü ve orada yaşayanları ölümcül yarası iyileşen ilk canavara tapmaya zorluyordu.
Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:
13 İnsanların gözü önünde, gökten yere ateş yağdıracak kadar büyük belirtiler gerçekleştiriyordu.
Մեծ նշաններ կ՚ընէր, եւ մինչեւ անգամ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէր երկրի վրայ՝ մարդոց առջեւ:
14 İlk canavarın adına gerçekleştirmesine izin verilen belirtiler sayesinde, yeryüzünde yaşayanları saptırdı. Onlara kılıçla yaralanan, ama sağ kalan canavarın onuruna bir heykel yapmalarını buyurdu.
Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:
15 Canavarın heykeline yaşam soluğu vermesi için kendisine güç verildi. Öyle ki, heykel konuşabilsin ve kendisine tapmayan herkesi öldürebilsin.
Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:
16 Küçük büyük, zengin yoksul, özgür köle, herkesin sağ eline ya da alnına bir işaret vurduruyordu.
Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,
17 Öyle ki, bu işareti, yani canavarın adını ya da adını simgeleyen sayıyı taşımayan ne bir şey satın alabilsin, ne de satabilsin.
որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:
18 Bu konu bilgelik gerektirir. Anlayabilen, canavara ait sayıyı hesaplasın. Çünkü bu sayı insanı simgeler. Sayısı 666'dır.
Հո՛ս է իմաստութիւնը. ո՛վ որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը, քանի որ մարդու մը թիւն է, եւ անոր թիւը՝ վեց հարիւր վաթսունվեց է:

< Vahiy 13 >