< Markos 13 >
1 İsa tapınaktan çıkarken öğrencilerinden biri O'na, “Öğretmenim” dedi, “Şu güzel taşlara, şu görkemli yapılara bak!”
Մինչ դուրս կ՚ելլէր տաճարէն, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վարդապե՛տ, տե՛ս ինչպիսի՜ քարեր են, եւ ի՛նչ տեսակ շէնքեր»:
2 İsa ona, “Bu büyük yapıları görüyor musun? Burada taş üstünde taş kalmayacak, hepsi yıkılacak!” dedi.
Յիսուս պատասխանեց անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար քարի վրայ պիտի չմնայ, ամէնը պիտի քակուի»:
3 İsa, Zeytin Dağı'nda, tapınağın karşısında otururken Petrus, Yakup, Yuhanna ve Andreas özel olarak kendisine şunu sordular: “Söyle bize, bu dediklerin ne zaman olacak, bütün bunların gerçekleşmek üzere olduğunu gösteren belirti ne olacak?”
Մինչ ան նստած էր Ձիթենիներու լեռը՝ տաճարին դիմաց, Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս ու Անդրէաս հարցուցին իրեն՝ առանձին.
«Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բոլորին կատարուելու ատենը»:
5 İsa onlara anlatmaya başladı: “Sakın kimse sizi saptırmasın” dedi.
Յիսուս պատասխանելով անոնց՝ սկսաւ ըսել. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը մոլորեցնէ ձեզ.
6 “Birçokları, ‘Ben O'yum’ diyerek benim adımla gelip birçok kişiyi saptıracaklar.
որովհետեւ շատե՜ր պիտի գան իմ անունովս՝ ըսելով. “Ե՛ս եմ Քրիստոսը”, ու պիտի մոլորեցնեն շատերը:
7 Savaş gürültüleri, savaş haberleri duyunca korkmayın. Bunların olması gerek, ama bu daha son demek değildir.
Բայց երբ լսէք պատերազմներու մասին, եւ պատերազմներու տարաձայնութիւններ՝ մի՛ վրդովիք, որովհետեւ պէտք է որ այս ամէնը ըլլայ, բայց դեռ վախճանը չէ:
8 Ulus ulusa, devlet devlete savaş açacak; yer yer depremler, kıtlıklar olacak. Bunlar, doğum sancılarının başlangıcıdır.
Արդարեւ ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ, եւ տեղ-տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խառնակութիւններ ալ պիտի ըլլան: Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են:
9 “Ama siz kendinize dikkat edin! İnsanlar sizi mahkemelere verecek, havralarda dövecekler. Benden ötürü valilerin, kralların önüne çıkarılacak, böylece onlara tanıklık edeceksiniz.
Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար. քանի որ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ժողովարաններու մէջ պիտի ծեծեն ձեզ, ու կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ իմ պատճառովս, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար:
10 Ne var ki, önce Müjde'nin bütün uluslara duyurulması gerekir.
Բայց նախ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն:
11 Sizi tutuklayıp mahkemeye verdiklerinde, ‘Ne söyleyeceğiz?’ diye önceden kaygılanmayın. O anda size ne esinlenirse onu söyleyin. Çünkü konuşan siz değil, Kutsal Ruh olacak.
Իսկ երբ մատնելու տանին ձեզ, նախապէս մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, ո՛չ ալ խոկացէք. հապա այդ ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զա՛յն խօսեցէք. որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»:
12 Kardeş kardeşi, baba çocuğunu ölüme teslim edecek. Çocuklar anne babalarına başkaldırıp onları öldürtecek.
«Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եղբայրը, ու հայրը՝ զաւակը. եւ զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ ու մեռցնեն զանոնք:
13 Benim adımdan ötürü herkes sizden nefret edecek. Ama sonuna kadar dayanan kurtulacaktır.
Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար: Բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի:
14 “Yıkıcı iğrenç şeyin, bulunmaması gereken yerde dikildiğini gördüğünüz zaman –okuyan anlasın– Yahudiye'de bulunanlar dağlara kaçsın.
Երբ տեսնէք թէ աւերողին պղծութիւնը՝՝ - որու մասին Դանիէլ մարգարէին միջոցով խօսուած է - հաստատուած է հո՛ն ուր պէտք չէ ըլլար, (ո՛վ որ կարդայ՝ թող հասկնայ, ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին:
15 Damda olan, evinden bir şey almak için aşağı inmesin, içeri girmesin.
Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ տունը, ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու.
16 Tarlada olan, abasını almak için geri dönmesin.
եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձը առնելու:
17 O günlerde gebe olan, çocuk emziren kadınların vay haline!
Բայց վա՜յ այդ օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն:
18 Dua edin ki, kaçışınız kışa rastlamasın.
Աղօթեցէ՛ք՝ որ ձեր փախուստը ձմեռը չըլլայ:
19 Çünkü o günlerde öyle bir sıkıntı olacak ki, Tanrı'nın var ettiği yaratılışın başlangıcından bu yana böylesi olmamış, bundan sonra da olmayacaktır.
Որովհետեւ այդ օրերը այնպիսի՛ տառապանք պիտի ըլլայ, որուն նմանը՝ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ:
20 Rab o günleri kısaltmamış olsaydı, hiç kimse kurtulamazdı. Ama Rab, seçilmiş olanlar, kendi seçtiği kişiler uğruna o günleri kısaltmıştır.
Եթէ Տէրը այդ օրերը չկարճեցնէր, ո՛չ մէկ մարմին պիտի փրկուէր. բայց այդ օրերը կարճեցուց ընտրեալներուն համար՝ որ ընտրեց:
21 Eğer o zaman biri size, ‘İşte Mesih burada’, ya da, ‘İşte şurada’ derse, inanmayın.
Այն ատեն եթէ մէկը ըսէ ձեզի. “Ահա՛ հո՛ս է Քրիստոսը”, կամ. “Ահա՛ հո՛ն է”, մի՛ հաւատաք:
22 Çünkü sahte mesihler, sahte peygamberler türeyecek; bunlar, belirtiler ve harikalar yapacaklar. Öyle ki, ellerinden gelse seçilmiş olanları saptıracaklar.
Որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, ու ցոյց պիտի տան նշաններ եւ սքանչելիքներ, որպէսզի եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն նոյնիսկ ընտրեալնե՛րը:
23 Ama siz dikkatli olun. İşte size her şeyi önceden söylüyorum.”
Իսկ դուք զգուշացէ՛ք. ահա՛ նախապէս ըսի ձեզի ամէն ինչ»:
24 “Ama o günlerde, o sıkıntıdan sonra, ‘Güneş kararacak, Ay ışık vermez olacak, Yıldızlar gökten düşecek, Göksel güçler sarsılacak.’
«Բայց այդ օրերը, այդ տառապանքէն ետք, արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը իր փայլը պիտի չտայ.
աստղերը երկինքէն պիտի իյնան, ու երկինքի մէջ եղող զօրութիւնները պիտի սարսին:
26 “O zaman İnsanoğlu'nun bulutlar içinde büyük güç ve görkemle geldiğini görecekler.
Այն ատեն պիտի տեսնեն մարդու Որդին, ամպերու մէջ եկած՝ մեծ զօրութեամբ ու փառքով:
27 İnsanoğlu o zaman meleklerini gönderecek, seçtiklerini yeryüzünün bir ucundan göğün öbür ucuna dek, dünyanın dört bucağından toplayacak.
Այն ատեն պիտի ղրկէ իր հրեշտակները եւ պիտի հաւաքէ իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկինքի ծայրը»:
28 “İncir ağacından ders alın. Dalları filizlenip yaprakları sürünce, yaz mevsiminin yakın olduğunu anlarsınız.
«Թզենիէ՛ն սորվեցէք առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է:
29 Aynı şekilde, bu olayların gerçekleştiğini gördüğünüzde bilin ki Tanrı'nın Egemenliği yakındır, kapıdadır.
Դուք ալ՝ երբ եղած տեսնէք ասոնք, գիտցէ՛ք թէ մօտ է՝ դռներուն քով:
30 Size doğrusunu söyleyeyim, bütün bunlar olmadan bu kuşak ortadan kalkmayacak.
Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլորը պատահին”:
31 Yer ve gök ortadan kalkacak, ama benim sözlerim asla ortadan kalkmayacaktır.”
Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»:
32 “O günü ve o saati, ne gökteki melekler, ne de Oğul bilir; Baba'dan başka kimse bilmez.
«Իսկ այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի մէջ եղող հրեշտակները, ո՛չ իսկ Որդին, հապա՝ միա՛յն Հայրը:
33 Dikkat edin, uyanık kalın, dua edin. Çünkü o anın ne zaman geleceğini bilemezsiniz.
Զգուշացէ՛ք, հսկեցէ՛ք եւ աղօթեցէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ատենը ե՛րբ է:
34 Bu, yolculuğa çıkan bir adamın durumuna benzer. Evinden ayrılırken kölelerine yetki ve görev verir, kapıdaki nöbetçiye de uyanık kalmasını buyurur.
Ինչպէս ճամբորդող մարդ մը կը թողու իր տունը, իրաւասութիւն կու տայ իր ծառաներուն, իւրաքանչիւրին՝ իր գործը, ու դռնապանին կը հրամայէ որ արթուն կենայ:
35 Siz de uyanık kalın. Çünkü ev sahibi ne zaman gelecek, akşam mı, gece yarısı mı, horoz öttüğünde mi, sabaha doğru mu, bilemezsiniz.
Ուրեմն արթո՛ւն կեցէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ տան տէրը ե՛րբ պիտի գայ, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին, աքլորականչի՞ն՝ թէ առտուն:
36 Ansızın gelip sizi uykuda bulmasın!
Թերեւս յանկարծ գալով՝ ձեզ գտնէ քունի մէջ:
37 Size söylediklerimi herkese söylüyorum; uyanık kalın!”
Եւ ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի՝ կ՚ըսեմ բոլորին. “Արթո՛ւն կեցէք”»: