< ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 12 >
1 Իսկ Յիսուս Զատիկէն վեց օր առաջ եկաւ Բեթանիա, ուր կը գտնուէր մեռած Ղազարոսը՝ որ ինք մեռելներէն յարուցանեց:
Then, six days before the Passover, Jesus came to Bethany, where Lazarus was (the deceased whom He raised from the dead).
2 Հոն՝ ընթրիք մը սարքեցին անոր. Մարթա կը սպասարկէր, ու Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն՝՝ մէկն էր:
So they gave a dinner for Him there—Martha was serving, while Lazarus was one of those reclining at the table with Him.
3 Իսկ Մարիամ՝ առնելով մէկ լիտր թանկագին նարդոսի օծանելիք՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը, եւ սրբեց անոր ոտքերը իր մազերով. ու տունը լեցուեցաւ օծանելիքին հոտով:
Then Mary, bringing a pound of pure oil of nard, very costly, anointed Jesus' feet, and wiped His feet with her hair! And the house was filled with the fragrance of the oil.
4 Ուստի աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդա, որ պիտի մատնէր զինք, ըսաւ.
Then one of His disciples, Judas Iscariot, Simon's son (who was about to betray Him), said,
5 «Ինչո՞ւ այդ օծանելիքը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի՝ որ տրուէր աղքատներուն»:
“Why wasn't this oil sold for 300 denarii and given to the poor?”
6 Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա՝ քանի որ գող էր եւ ինք ունէր գանձանակը, ու կը կրէր ինչ որ ձգուէր:
(Now he did not say this because the poor mattered to him, but because he was a thief and had the money box; and used to pilfer what was put in it.)
7 Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛յլ տուր անոր. այդ բանը պահեց իմ թաղումիս օրուան համար:
So Jesus said: “Let her be; she has performed this with a view to my burial.
8 Որովհետեւ աղքատները ամէն ատեն ունիք ձեզի հետ, բայց զիս ամէն ատեն չունիք»:
For you always have the poor with you, but you do not always have me.”
9 Ուստի Հրեաներէն մեծ բազմութիւն մը գիտցաւ անոր հոն ըլլալը, ու եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու Ղազարոսը՝ որ մեռելներէն յարուցանած էր:
Then a large crowd of the Jews learned that He was there; and they came, not only because of Jesus but also to see Lazarus, whom He had raised from the dead.
10 Իսկ քահանայապետները խորհրդակցեցան՝ որ սպաննեն Ղազարոսն ալ.
So the chief priests decided to kill Lazarus as well,
11 որովհետեւ Հրեաներէն շատեր անոր պատճառով կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի:
in that because of him many of the Jews were defecting and believing into Jesus.
12 Հետեւեալ օրը՝ մեծ բազմութիւն մը, որ եկած էր տօնին, երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ,
The next day a large crowd that had come to the feast, when they heard that Jesus was coming into Jerusalem,
13 առաւ արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու, եւ կ՚աղաղակէր. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով»:
took branches from palm trees and went out to meet Him. And they started shouting: “Hosanna!” “Blessed is He who comes in the name of the Lord!” “King of Israel!”
14 Յիսուս՝ գտնելով աւանակ մը՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս գրուած է.
And finding a young donkey Jesus sat on it; just as it is written:
15 «Մի՛ վախնար, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա՛ Թագաւորդ կու գայ՝ նստած իշու աւանակի վրայ»:
“Fear no more, daughter of Zion. Look, your King is coming, sitting on a donkey's colt!”
16 Անոր աշակերտները նախապէս չհասկցան այդ բաները. բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն յիշեցին թէ ատոնք գրուած էին անոր մասին, եւ թէ իրենք ըրին անոր այդ բաները:
(Now His disciples did not understand these things at first; but when Jesus was glorified, then they remembered that these things were written about Him, and they had done them to Him.)
17 Իրեն հետ եղող բազմութիւնը կը վկայէր թէ գերեզմանէն դուրս կանչեց Ղազարոսը ու մեռելներէն յարուցանեց զայն:
So the crowd that had been with Him when He called Lazarus out of the tomb and raised him from the dead continued to testify.
18 Այս պատճառով ալ բազմութիւնը դիմաւորեց զինք, որովհետեւ լսեցին թէ ի՛նք ըրած էր այս նշանը:
That is also why the crowd met Him, because they heard that He had performed this sign.
19 Իսկ Փարիսեցիները կ՚ըսէին իրարու. «Կը նշմարէ՞ք թէ անօգուտ է. ահա՛ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի անոր՝՝»:
So the Pharisees said among themselves: “You can see that you are not making any difference! Just look, the world has gone off after Him!”
20 Հոն՝ տօնին երկրպագելու բարձրացողներուն մէջ՝ քանի մը Յոյներ կային:
Now there were some Greeks among those who went up to worship at the feast.
21 Ասոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդայէն էր, ու կը թախանձէին անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսո՛ւսը տեսնել»:
So these men approached Philip, who was from Bethsaida in Galilee, and requested of him saying, “Sir, we want to see Jesus.”
22 Փիլիպպոս եկաւ եւ ըսաւ Անդրէասի, ապա դարձեալ Անդրէաս ու Փիլիպպոս միասին ըսին Յիսուսի:
Philip goes and tells Andrew, and in turn Andrew and Philip tell Jesus.
23 Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. «Ժամը հասաւ՝ որ մարդու Որդին փառաւորուի:
But Jesus answered them saying: “The hour has come for the Son of the Man to be glorified.
24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ցորենին հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի՝ ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի՝ շատ պտուղ կը բերէ”:
Most assuredly I say to you, if a grain of wheat, having fallen into the ground, does not die, it remains alone; but if it dies it bears a lot of fruit.
25 Ա՛ն որ կը սիրէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կ՚ատէ իր անձը այս աշխարհի մէջ՝ յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զայն: (aiōnios )
The one ‘loving’ his life will waste it, and the one ‘hating’ his life, in this world, will preserve it into eternal life. (aiōnios )
26 Եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի՝ թող հետեւի ինծի. ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ սպասարկուս ալ հո՛ն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի, Հայրը պիտի պատուէ զինք»:
If anyone would serve me, let him follow me; and where I am, my servant will be too. Further, if anyone serves me, the Father will honor him.
27 «Հիմա իմ անձս վրդոված է, եւ ի՞նչ ըսեմ. “Հա՛յր, ազատէ՛ զիս այս ժամէ՞ն”: Բայց ես եկած եմ ասո՛ր համար՝ ա՛յս ժամուն:
“Now my soul is distressed, and what should I say—‘Father, rescue me from this hour’? But this is why I came to this hour—
28 “Հա՛յր, փառաւորէ՛ քու անունդ”»: Ուստի ձայն մը եկաւ երկինքէն. «Փառաւորեցի ալ, ու դարձեալ պիտի փառաւորեմ»:
‘Father, glorify your name!’” Then a Voice came out of Heaven, “I have both glorified it and will glorify it again!”
29 Բազմութիւնը՝ որ կայնած էր ու կը լսէր, կ՚ըսէր. «Որոտում կ՚ըլլայ»: Ոմանք ալ կ՚ըսէին. «Հրեշտա՛կ մը խօսեցաւ իրեն հետ»:
So the crowd that was standing by and listening said that it had thundered. Others said, “An angel has spoken to Him.”
30 Յիսուս պատասխանեց. «Այս ձայնը եկաւ ո՛չ թէ ինծի համար, հապա՝ ձեզի համար:
Jesus answered and said: “It was not for my sake that this Voice came, but for your sakes.
31 Հիմա է այս աշխարհի դատաստանը, հիմա պիտի վտարուի այս աշխարհի իշխանը:
Now is the judgment of this world; now the ruler of this world will be thrown out.
32 Ես ալ, երբ բարձրանամ երկրէն, բոլորդ ալ պիտի քաշեմ ինծի»:
While I, if I be lifted up from the earth, I will draw all people to myself.”
33 Այս բանը կ՚ըսէր՝ մատնանշելով թէ ի՛նչ տեսակ մահով պիտի մեռնէր:
(Now He said this to indicate by what kind of death He was about to die.)
34 Բազմութիւնը պատասխանեց անոր. «Մենք լսեցինք Օրէնքէն թէ Քրիստոս յաւիտեա՛ն կը մնայ: Դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ”: Ո՞վ է այդ մարդու Որդին»: (aiōn )
The people answered Him: “We have heard from the Law that the Messiah remains forever; and so how can you say, ‘The Son of the Man must be lifted up’? Who is this ‘the Son of the Man’?” (aiōn )
35 Ուստի Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քի՛չ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քալեցէ՛ք՝ մինչ տակաւին լոյսը ունիք, որպէսզի խաւարը չհասնի ձեր վրայ. որովհետեւ խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ:
Then Jesus said to them: “The Light will be with you just a little longer. Walk while you have the light, so that darkness does not overtake you; the one who walks in the darkness does not know where he is going.
36 Մինչ լոյսը ունիք՝ հաւատացէ՛ք այդ լոյսին, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք»: Յիսուս այս բաները խօսեցաւ, ապա գնաց՝ ինքզինք ծածկելով անոնց աչքերէն:
While you have the Light, believe into the Light, so that you may become sons of light.” Jesus said these things, and going away He was hidden from them.
37 Թէպէտ այնքան նշաններ ըրած էր անոնց առջեւ, անոնք չէին հաւատար իրեն.
Although He had performed so many signs in their presence, they were not believing into Him;
38 որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին խօսքը՝ որ ըսած էր. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, ու Տէրոջ բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ»:
so that the word spoken by Isaiah the prophet should be fulfilled: “Lord, who has believed what we heard? And to whom has the arm of the Lord really been revealed?”
39 Չէին կրնար հաւատալ՝ քանի որ Եսայի դարձեալ ըսած է.
Therefore they were unable to believe, in that Isaiah said again:
40 «Կուրցուց անոնց աչքերը եւ կարծրացուց անոնց սիրտը, որպէսզի չտեսնեն իրենց աչքերով, չհասկնան իրենց սիրտով ու դարձի չգան, եւ ես չբժշկեմ զանոնք»:
“He has blinded their eyes and hardened their hearts, lest they should see with their eyes and understand with their hearts and should turn around, and I would heal them.”
41 Եսայի ըսաւ ասիկա՝ երբ տեսաւ անոր փառքը ու խօսեցաւ անոր մասին:
Isaiah said these things when he saw His glory and spoke concerning Him.
42 Սակայն միաժամանակ՝ պետերէն ալ շատեր հաւատացին իրեն. բայց չէին դաւաներ զայն՝ Փարիսեցիներուն պատճառով, որպէսզի չվռնտուին ժողովարանէն.
Nevertheless, even among the rulers many believed into Him, but because of the Pharisees they did not confess Him, so they would not be expelled from the synagogue;
43 որովհետեւ աւելի սիրեցին մարդոց փառքը՝ քան Աստուծոյ փառքը:
for they loved the praise of men more than the praise of God.
44 Յիսուս կ՚աղաղակէր. «Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, կը հաւատայ ո՛չ թէ ինծի, հապա՝ զիս ղրկողի՛ն.
Jesus called out and said: “The one believing into me believes not into me but into Him who sent me.
45 եւ ա՛ն որ կը տեսնէ զիս, կը տեսնէ զիս ղրկո՛ղը:
And the one seeing me sees Him who sent me.
46 Ես աշխարհ եկայ իբր լոյս, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ ինծի՝ չմնայ խաւարի մէջ:
I, Light, have come into the world so that everyone who believes into me will not remain in the darkness.
47 Եթէ մէկը լսէ իմ խօսքերս ու չհաւատայ՝ ես չեմ դատեր զինք, քանի որ ես եկայ՝ ո՛չ թէ դատելու աշխարհը, հապա՝ փրկելու աշխարհը:
Also, if someone hears my words and does not believe, I do not judge him; because I did not come to judge the world but to save the world.
48 Ա՛ն որ կ՚անարգէ զիս եւ չ՚ընդունիր իմ խօսքերս, ունի մէկը՝ որ կը դատէ զինք. այն խօսքը՝ որ ես ըսի, անիկա՛ պիտի դատէ զինք՝ վերջին օրը:
The one who rejects me and does not receive my sayings has that which judges him—the word that I have spoken, that is what will judge him on the last day;
49 Որովհետեւ ես ինձմէ չխօսեցայ, հապա Հայրը՝ որ ղրկեց զիս, ի՛նք պատուիրեց ինծի թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ եւ ի՛նչ պիտի խօսիմ:
because I have not spoken on my own, but the Father who sent me, He gave me a command, what I should say and what I should speak.
50 Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը՝ յաւիտենական կեանքն է. ուրեմն ինչ որ կը խօսիմ, ա՛յնպէս կը խօսիմ՝ ինչպէս Հայրը ըսաւ ինծի»: (aiōnios )
And I know that His command is eternal life. So whatever I say, I say it just like the Father told me.” (aiōnios )